2015-01-10 11:36:35

Վատիկանի մէջ գիտաժողով` ''աստղագիտութիւնը քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյսի միջազգային տարւոյն առթիւ, 13-15 Յունուար 2015, Վատիկանի մէջ տեղի կ’ունենայ գիտաժողով ''աստղագիտութիւնը քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մէջ'' նիւթով, կազմակերպութեամբ Վատիկանի Աստղադիտարանին ու Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած իրանեան դեսպանութեան։
Ասիկա բարեպատեհ առիթ մը կը հանդիսանայ երկխօսութեան իսլամութեան ու քրիստոնէութեան միջեւ որ այսօր աւելի քան երբեք յոյժ կարեւոր է։ Երկու կրօնները պիտի համեմատեն աստղագիտական փոխադարձ աւանդութիւնները, որ դարերու ընթացքին ճոխացան ու զարգացան։ Աստղագիտութիւնը վստահաբար հասարակաց ժառանգութիւնն է մարդկային ազգին։ Իսլամական քաղաքակրթութիւնը օգտագործեց յունական աստղագիտութիւնը հարստացնելու իր գիտելիքները իսլամական երկիրներուն մէջ, ու եւրոպական քաղաքակրթութիւնները, իրենց կարգին օգտագործեցին իսլամական աստղագիտութեան հմտութիւնը, թարգմանելով Միջնադարեան իսլամական քաղաքակրթութեան կարգ մը աստղագիտական գիրքերը։
Հարկաւոր է չսահմանափակել իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը իրաւական ու կրօնական շրջապատէն ներս։ Էական է ընդլայնել երկխօսութիւնը գիտական հարցերու, ինչպէս է պարագան այսօր աստղագիտական այս հանդիպումին։
Այս գիտաժողովով կ՛ուզենք հաստատել որ թէ իսլամ թէ քրիստոնեայ գիտնականները, ճանչնալու համար անջրպետը նոյն ուղիէն ընթացան եւ աշխատեցան նոյն հարցումներուն պատասխան գտնել։
Աստղադիտարանի տնօրէնը Յիսուսեան հայր Խօսէ Ֆիւնէս դիտել տուաւ որ տիեզերական լոյսը կը կանոնաւորէ աղօթքի, աշխատանքի ու հանգստեան պահերը։ Լոյսը տիեզերական պատգամաբեր մըն է որ կ’օգնէ ըմբռնելու անջրպետը ու դիտարաններու միջոցաւ կարելի կը դարձնէ պատկերացումը հոյակապ անջրպետին եւ անոր միջոցաւ տեսնելու նաեւ Արարիչին ստորագրութիւնը։
Նշենք որ քրիստոնէութիւնը եւ յատկապէս իսլամութիւնը աստղագիտական մեծ աւանդութիւն մը ունին։ Աստղերու մեծ թիւը կը կրէ անունը իսլամ մեծ աստղագէտներու։
Վատիկանի մէջ գումարուած Եռօրեայ ժողովը պիտի քննարկէ զանազան նիւթեր` ինչպէս. Եկեղեցին ու աստղագիտութիւնը, անջրպետի ուսումնասիրութիւնը Քորանական տեսութեամբ, Գրիգորեան օրացոյցը, Տիեզերքին պատմութիւնը։ Ժողովականները առիթ պիտի ունենան այցելելու վատիկանեան մատենադարանն ու թանգարանը, Սիկստինեան Մատուռէն սկսեալ մինչեւ Վատիկանի Գաղտնի Դիւանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.